2012-06-14 12:29:39

Վատիկանի Արտգործ Նախարարի Ելոյթը Եւրոպայի Միութեան Դեսպաններու Առջեւ <<Եւրոպան Տագնապէն Դուրս Գալու Համար Վերագտնելու է Իր Քրիստոնէական Արժէքները։>>


<<Եւրոպան պիտի չկարողանայ դուրս գալ տնտեսական տագնապէն մինչեւ որ չվերագտնէ քրիստոնէական արժէքները ու անհատը չդառնայ մտահոգութիւններու կեդրոնը>> յայտարարած է Ս. Աթոռի արտգործ նախարարը գերապայծառ Տոմինիք Մանպերթին Վատիկանի մօտ հաւատարմագրուած Եւրոպայի դեսպաններուն առջեւ ունեցած իր ելոյթի ընթացքին։
Վատիկանի դիւանագետին համոզումով տնտեսական տագնապը կարելի չէ գտնել թեխնիք լուծումներով այլ ուշադրութիւն կեդրոնացնելով անհատին վրայ , որ անփոխարինելի հարստութիւն մըն է. հետեւաբար Եւրոպայի բարգաւաճումը կախում ունի անհատէն։
Գերապայծառ Մամպերթին ընդգծեց թէ քրիստոնէութիւնը հիմը հանդիսացած է Եւրոպայի քաղաքակրթութեան։ եւ թէ այդ քաղաքակրթութիւնը ծնունդ տուած է մարդու իրաւունքներուն։ Առ այդ որպէսզի Եւրոպան կարենայ դուրս գալ տնտեսական դժուար տագնապէն պէտք է աւելիով իր ուժը եւ մտահոգութիւնը կեդրոնացնէ մարդ անհատի վրայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.